2014-09-02 12:44:01

''Սուրբ Հոգին է որ Քրիստոնեային ինքնութիւնը կը կազմէ` ոչ թէ վկայականը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


''Քրիստոնեային իշխանութիւնը կը բխի Սուրբ Հոգիէն եւ ոչ թէ մարդկային գիտութենէն կամ աստուածաբանութեան վկայականներէն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր` երեքշաբթի, 2 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, հաստատելով թէ Քրիստոնեայ ինքնութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի Հոգին ունենալու մէջ եւ ոչ թէ աշխարհի հոգին։
Մեկնաբանելով օրուան գրային ընթերցումը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Յիսուս Աստուծոյ օծեալ Որդին է, որ արաքուած է փրկութիւնը եւ ազատութիւնը բերելու, թէեւ ոմանք անոր ազատութենէն եւ ինքնութենէն գայթակղեցան։
''Եթէ մենք քրիստոնեաներս լաւապէս չըմբռնենք ս. Հոգիին ներշնչումները, չենք կրնար վկայութիւն տալ եւ ինքնութիւն մը ունենալ։ Մենք ունենալու ենք Քրիստոսի Հոգիին մտածողութիւնը` այս է Քրիստոնէական ինքնութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց ` ''Դուն կրնաս բազմաթիւ վկայականներ ունենալ, կրնաս ըլլալ աստուածաբան, սակայն առանց Աստուծոյ Հոգիին դուն Քրիստոնեայ չես։ Սուրբ Հոգիին օծումն է որ քեզի կու տայ ինքնութիւնը եւ իշխանութիւնը''։
Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը հայցեց Տիրոջմէն որ շնորհէ իր հոգին` Տէր տուր մեզի քու Հոգիդ, մեզի պարգեւէ շնորհքը մտածելու, ունկդրեու եւ խօսելու քեզի նման։








All the contents on this site are copyrighted ©.